Կրօնք մարդ արսրածի ծառայութեան հսմար

Թուական. ۱۹-۲-۱۹۷۵։

Վայր – Քափուչին լատին հայրերու Սուրբ Լուիս Մայր Եկեղեցի – Պէյրութ։

Քարոզի բնաբան պահքի առաջի օրերի սկիզբը Քաբուշին եկեղեցում.

Փառաբանութիւն եւ շնորհակալութիւն Քեզի, ո՛վ մեր Տէր Աստուած, Աստուածը՝ Աբրահամի եւ Իսմայիլի, Աստուածը՝ Մովսէսի, Յիսուսի եւ Մուհամմէտի, Աստուածը՝ տկարներուն ու համայն մարդկութեան։

Փա՛ռք Աստուծոյն, որ վախկոտներուն ապահովութիւն կը ներշընչէ, արդարները կը փրկէ, ընկճուածները կը բարձրացնէ, հպարտները կը զգետնէ, թագաւորներ կ՛ոչնչացնէ եւ ուրիշներ ալ կը պատժէ։ Փառք տիտաններու ջախջախիչին, անարդարներու կեղեքիչին, փախստականները բացայայտողին, բռնակալները զգետնողին եւ կարիքաւորներուն օգնութեան հասնողին։

Շնորհակալութի՛ւն Տէր, որ պարուրեցիր մեզ քու հոգածութեամբդ, մէկտեղեցիր քու շնորհքով դեւ միաւորեցիր մեր սիրտերը սիրովդ ու ողորմութեամբդ։ Ծոմապահութեան այս օրերուն, ահաւասիկ համախմբուա-

ծենք քեզի համար, քո՛ւ ձեռքերուդ մէջ եւ քո՛ւ տուներէդ մէկուն մէջ։ Մեր սիրտերը կը տենջան քեզի, մեր մտքերը քեզմէ է որ լոյս եւ ուղութիւն կը ստանան, նկատի առած՝ որդուն է որ հրաւիրած ես մեզ, որ քալենք կողք կողքի, քու արարած մարդկութեանդ ի խնդիր. մէկ տեղ ու ինքմիասնական խօսքով քո՛ւ արարածներուդ երջանկութեան համար։ Մենք դէպի քո՛ւ դուռ դէ որ ուղ-ուեցանք եւ քո՛ւ խորանէդէ որ աղօթեցինք։

Հաւաքուեցանք մարդուն համար, որուն համարծն ու նդառին կրօնները, որոնք մէկ էին նախապէս, զիրար կաւետ էին եւ զիրար կը հաստատէին։ Աստուած կրօններով մարդիկ խաւարէն դէպի լոյս առաջնորդեց, փըրկեց զանոնք տարանջատող եւ ընկճող բազում անհամաձայնութիւններ է եւ սորվեցուց խաղաղութեան առաջնորդողուղին։

Կրօնները իսկզբանէ մէկ էին եւ կը հետապնդէին մէկ նպատակ՝ առաջնորդուիլ դէպի Աստուածու ծառայել մարդկութեան։ Այս երկուքը նոյն ճշմարտութեան երկու երեսներն են։ Աւելի վերջ սակայն, անոնք տարբերուեցան իրարմէ, երբ սկսան ծառայել նաեւ իրենք իրենց։ Անոնց հետաքրքրութիւնը այնքա՛ն կեդրոնացաւ իրենց վրայ, որ կարծէք մոռցնել տուաւ նպատակը։ Այսպիսով շեշտուեցաւ ու խորացաւ անհամաձայնութիւնը եւ բազմացաւ մարդոց ու ազգերու ողբերգութիւնը։

Կրօնները նախապէս մէկ էին ու կը հետապնդէին մէկ նպատակ՝ պատերազմեր կրիչ աստուածներուն ու բռնատէրերուն դէմ եւ պաշտպանութիւն անկարներուն ու հալածուածներուն։ Ասոնք նոյն իրականութեան երկու երեսներն են։Երբ յաղթեցին կրօններնու անոնց հետ նաեւ տկարները, բռնակալները փոխեցին իրենց դիմագիծերը եւ կանխելով զանոնք՝ ապահովեցին իրենց սեփական շահերը։ Սկսան իշխել կրօնքի անունով եւ իրենց սուրերը բարձացնելի խնդիր անոր։ Այս կացութենէն ամենէն աւելի տուժեցին հալածուածները ու առաջ եկան կրօններուն ողբերգութիւններն ու անհամաձայնութիւնները, որոնք արդիւնք էին շահագործողներու անձնական շահերուն։

Կրօնները նախապէս մէկ էին, որովհետեւ սկիզբը, որ Աստուած էր՝ մէկ էր, նպատակը, որ մարդնէր՝ մէկ էր, եւ երթը՝ որ այս տիեզերքն էր՝ մէկ էր։ Երբ մոռցանք նպատակն ու հեռացանք մարդկութեան ծառայելէ, մոռցանք նաեւ զԱստուած ու հեռացանք անկէ, վերածուեցանք խումբերու եւ յարանուանութիւններու, դարձանք տարակարծիք, բաժնեցինք տիեզերքը, ծառայեցինք սեփական շահերու, երկրպագեցինք առանց Աստուծոյ չաստուածներու եւ ոտնակոխեցինք մարդը, որ դարձաւ բզիկ-բզիկ։

Այժմ կը վերադառնանք դէպի ուղին, կը վերադառնանք մարդուն, որպէսզի Աստուած ալ վերադառնայ մեզի. կը վերադառնանք տառապող մարդկութեան, որպէսզի փրկուինք Աստուծոյ տանջանքէն, կը միանանք տկարացած, խոցուած եւ ընկճուած մարդոցի խնդիր, որպէսզի միանանք ամէն ինչով, միանանք Աստուծմով ու կրօնները ըլլան մէկ «Ձեզանից ամէն մէկի համար մենք շինել ենք մի օրէնք եւ մի ճանապարհ։ Եթէ Աստուած կամեցած լինէր, մենք ձեզ մէկ հատ կրօնական ազգ կը շինէինք, բայց որպէսզի Նա ձեզ փորձէ այն բանի մէջ, որ ձեզ տուել է, մրցեցէ՛ք բարիքների մէջ։ Դուք Աստծուն պիտի դառնաք ամենքըդ» [«Ղուրան», Սուրէ դ ԱլՄաիտէ ۴۸]։

Եւ այս պահուն, եկեղեցւոյ մէջ, ծոմապահութեան այս օրերուն, կրօնական քարոզի ընթացքին, յանձնառու պատասխանատուներ ու հրաւէրով, ինքզինքս կը գտնեմ ճանապարհիկի սուն՝ ձեր կողքին, կը գտնեմ որպէս քարոզիչ եւ ունկնդիր, որպէս խօսող ու լսող։ Կ՛ըսեմ լեզուովս ու կը լսեմ ականջովս։ Պատմութիւնը թող վկայէ.կը լսենք Զինք, ապա կը վկայենք ու Ան կ՛ունկնդրէ մեզ։ Պատմութիւնը թող վկայէ Լիբանանին, հանդիպումներու երկրին, մարդո՛ւ երկրին, հալածուածներու հայրենիքին ու երկչոտներու ապաստանարանին։ Եւ ահա այս մթնոլորտին մէջ է ու այս վեհ նպատակին ընդառաջ է որ կրնանք լսել երկնային իսկական կոչերը, որովհետեւ արդէն մօտեցած ենք ակունքներուն։

Ահա՛ Տէրը, փա՛ռք իրեն. Ան իր սիրալիր բարկութեան մէջ կ՛աղաղակէ. «Ո՛չ, ո՛չ, Աստուծոյ սէրը չի՛ կրնար մէկ տեղ ու իլ մարդու ատելութեան հետ». ու անոր ձայնը կ՛արձագանգէ խիղճերուն մէջ…  Եւ ահա այլ ձայնմը կը բարձրանայ, ողորմած մարգարէին ձայնը. «Աստուծոյ ու վերջին դատաստանին չիկրնար հաւատալան՝ որ կուշտ կը քնանայ երբ դրացին քաղցած է»։

Զոյգ ձայները ժամանակի ընթացքին կը միաձուլուին ու անոնց արձագանգը կը հնչէ սրբազան քահանայապետին լեզուով, դար-ձեալ արտասանուած ծոմանպահութեան առիթով. ան՛կըսէ. «Քրիստոսն ու թշուառը նոյն անձերնեն», մինչեւ իսկ ան իր «Ժողովուրդներու Յառաջդիմութիւնը» խորագրով նշանաւոր թուղթին մէջ կ՛ընդվզի մարդու արժանապատուութեան համար ու կը գոչէ, ինչպէս որ Յիսուս գոռաց տաճարին մէջ. «Մեծ է փորձութիւնը երբ կը փոխադարձես զայն բռնութեամբ ինչպէս մարդկային արժանապատուութիւնը ստորնացնող արարքները»,  ու կ՛ըսէ. «Ամենավատ մարդկայնութիւնը բռնատիրական կարգերն են, որոնք առաջ կուգան թագաւորներու եւ սուլթաններու շահագործումէն, բանուորներու իրաւունքներու կեղեքումէն եւ դաշնագրերու անարդարութենէն»։

Միթէ այս անբիծ ձայնը կը տարբերի՞ իսլամական հաստատուն խօսքէն թէ՝ «Ե՛ս եմ Աստուածը սրտաբեկներուն. ես հիւանդին կողքին էի, երբ բժշկեցի զինք ու աղքատին կողքին՝ երբ օգնեցի իրեն ու կարօտեալի կողքին՝ երբ լուծեցի անոր հարցերը»։

Գալով միջոցին, իրաւունք հաստատելու համար կատարուած իւրաքանչիւր ձգտում եւ ան իրաւուածի համար եղած իւրաքանչիւր ճիգ կը համարուի պայքար՝ յանուն Աստուծոյ եւ աղօթք՝ իր խորանին։ Ա՛ն է երաշխաւորը յաղթութեան։

Ահա այս վկայութիւններուն ընդմէջ էն կը վերադառնանք մեր  մարդուն, որպէսզի պրպտենք այն ուժերը, որոնք կ՛ոտնակոխեն ու այն ուժերը որոնք կը տարանջատեն մարդը՝ աստուածատուր այն պարգեւը, այն արարածը, Աստուծոյ յաջորդը երկրի վրայ, որ իր արարիչի յատկութիւններով ստեղծուած է։ Մարդն այս գոյութեան հիմքն է, ընկերութեան սկզբնաւորութիւնը, անոր նպատակն ուպատմութեան շարժիչ ուժը։Մարդն այս, որուն կարողութիւնները կը բացատրուին ո՛չ թէ դարուս փիլիսոփայական ու բնագիտական նիւթափոխանակումներու վերլուծութիւններով, այլ ինչ որ կը հաստատեն կրօններն ու գիտական փորձերը, թէ՝ «Մարդուս համար էլ կայ միմիայն իր աշխատանքը»   [«Ղուրան», Սուրէ դ ԱլՆըճըմ, ۳۹], թէ գործերը անմահեն եւ թէ մարդ, առանց իր արձանագրած նուաճումներուն, ոչի՛նչ կ՛արժէ։ Հետեւաբար որքա՛ն տէր կանգնինք մարդու կարողութիւններուն ուզարգացնենք զանոնք, այնքան պատուած եւ յաւերժացուցած կ՛ըլլանք Զինք։

Ու եթէ հաւատքը, իր երկնային հասկացութեամբ մարդուն կըշնորհէ հոգեկան անսահման զգացողութիւն եւ անհատնում ձգտումներու կը պահպանէ մարդուն յոյսը՝ երբչ քանան անոր միջոցները ու կը փարատէ անոր մտատանջութիւնները, միաժամանակ մէկ կողմէ երբ կը համակարգէ անոր եւ անոր նմաններուն յարաբերութիւնները իսկ միւս կողմէ անոր եւ բոլոր էակնե-

րուն յարաբերութիւնները, հաւատքը, ուրեմն, իր այս հասկացու-թեամբ մարդուն կը շնորհէ այսքան վեհութիւն ու այսքան գեղեցկութիւն, իսկ իր միւս հասկացութեամբ կը ձգտի կերտելու պահպանել մարդը ու կը ստիպէ պահել զայն եւ կը հաստատէ որ չկայ հաւատք՝ առանց մարդուն ծառայելու յանձնառութեան։

Պէտք է տէր կանգնիլ ու զարգացնել մարդու բոլոր կարողութիւնները, իւրաքանչիւրի՛ կարողութիւնները։ Այս մէկուն համար կը նկատենք, որ զիրար ամբողջացնելու գաղափարախօսութիւնը առկայ է առաջին առա-քելութիւններէն մինչեւ սրբազան քահանայապետի այսօր հնաբեր պատգամը, երբ կ՛ըսէ. «Որպէսզի յառաջդիմութիւնը իսկական ըլլայ, պայմանէ որ ըլլայ ամբող-ջական, այսինքն՝ արժեւորէ իւրաքանչիւր անձեւ իւրաքանչիւրը՝ իր ամբողջութեամբ»։ Հետեւաբար կը տեսնենք որ գողութիւնը, զօր օրինակ որ արգիլուած է պատուիրաններուն մէջ, որովհետեւ ան մարդու կարողութիւններուն ու ան որ հետեւանքներուն բռնաբարու-

մըն է, այսօր ան երեւան կուգայ շահագործումի եւ մենաշնորհման տարբերակով, արդիւնաբերութեան յառաջընթացման պատրուակով կամ արհեստածին կարիքներու ձեւակերպումով, զոր մարդուն կըպարտադրուի արդիւնաբերութեան միջոցներով, երբ անկեղծ ցանկութիւնը կ՛ունենայ իւրացնելու ու հետեւաբար կը ստիպուի աւելին սպառելու։ Պահանջները այսօր մարդուն երսիդէն չեն որ կըփխին, այլ ձեւակերպուած են այսպէ՛ս, շին-ծո՛ւ ձեւով, ստեղծուած արտադրող հաստատութիւններու ենթակայ լրատուամիջոցներուն կողմէ։

Ահա այսպէս ամէն օր նոր պահանջմը կամ նոր պահանջի մը զարգացած մէկ տարբերակը կը պարտադրուի մարդուն։ Ան կը սպառէ մարդուն բոլոր կարողութիւնները, առանց որ ան անկախութիւնը ունենայ իր փափաքած ձեւով տնօրինելու զանոնք։    Ահա այսպէս,  զգալի զարգացում մը կը նկատենք այն ուժերուն մօտ, որոնք արգելք կը հանդիսանան մարդկային կարողութիւններու յառաջացման, կը փճացնեն եւ կամ կը տարանջատեն զանոնք, իսկ իրենք՝ հիմնականին մէջ կը մնան նոյնը, հակառակ իրենց ձեւափոխման եւ արագընթաց զարգացման։

Կրօնքը, օրինակ, պայքարեցաւ սուտին ու կեղծիքին դէմ, պայքարեցաւ ինքնահաւանութեան եւ հպարտութեան դէմ։ Երբ խորքին նայինք, կը տեսնենք թէ որքան զգալի են այս յատկութիւններուն ազդեցութիւնները մարդուն ու հասարակութեան վրայ։ Սուտը կը կեղծէ իրողութիւնները եւ մարդկային փոխադարձ յարաբերութեանց համար ստեղծուած ներոյժը, այն ներոյժը, որուն նուիրաբերմա՛մբ մարդ կ՛աճի ու փոխադարձը կը ստանայ դիմացինէն։ Սուտը կը խեղաթիւրէ այս կարողութիւնները, որոնք կը դառնան անորոշ ու այլասերուած, որոնց հետեւանքով կ՛այլանդակուին նաեւ փոխ-յարաբերութիւնները եւ կը խորտակուի մարդկային ներուժը։ Ինքնահաւանութիւնն ու հպարտութիւնը կը սառեցնեն մարդը, որովհետեւ անոնցմով կը զգայ, որ այլեւս հասած էին քնաբաւութեան։ Ինքնահաւանը կը մերժէս տան ալ դիմացինէն եւ հետեւաբար՝ կը մերժէ մտերմանալ դիմացինին հետ։ Փոխադարձաբար՝ ուրիշներ ալ կը մերժեն ստանալ իրմէ ու մտերմանալ անոր հետ։ Ուրեմն՝ ո՛չ առնել, ո՛չ ալ տալ կ՛առաջանայ։ Ներուժներու մա՛հն է այս, մարդկային ներուժներու մա՛հը, նաեւ սուտի ու ինքնահաւանութեան ու անոնց նման յատկութիւններուն։

Ազատութիւնը օրինակ, մարդու ընդունակութիւններու զարգացման եւ տաղանդներու յայտնաբերման յարմար միջավայրն է, մանաւանդ երբ պատեհ առիթները ներկայանան։ Ազատութիւնը միշտ ալ, զանազան պատրուակներով, ենթակայ եղած է ուրիշներու կողմէ յարձակման ու բռնաբարման, քանի որ ան մարդկային կարողութիւններու բարգաւաճման յարմարագոյն միջավայրն է. կարծէք թէ ան մա՛յրն ըլլար բոլոր կարողութիւնե-րուն։ Միթէ ասոր համար չե՞ն ճակատամարտներն ու դառն պայքարները։ Երբ ազատութիւնը խլուի մարդէն, անհատին ու հաւաքականութեան կարողութիւնները կը սահմանափակուին այնքանով, որքանով որ կ՛արտօնէ անոր՝ ազատութիւնը կաշկանդող բռնատէրը, եւ այնքանով՝ որ ան կը շնորհէ մարդուն, մինչեւ որ մարդը ճղճիմանայ.նոյնն է պարագան նաեւ հաւաքա-կանութեան։ Երբ մարդ կը մերժէ այս սահմանափակումը ու խոր հաւատքէն մղուած կը փորձէ, որուն հետ կը փորձենք նաեւ մենք՝ վերջ տալ տարանջատող ու ճնշող այս բռնութեան, մենք, մեր մէջ գտնուող մարդուն հետ միասին՝ կը պաշտպանենք մարդուն կարողութիւններն ու արժանապատուութիւնը, առանց նկատի ունենալու այն հանգամանքը, որ կրնայ ստանալ այդ սահմանափակումը ժամանակի ընթացքին։

Բռնապետութենէն՝ գաղութատիրութիւն եւ աւատապետութենէն՝ մտային ահաբեկչութիւն եւ մարդոց վրայ խնամակալ ըլլալու ինքնակամ պարտադրանք այն ամբաստանութեամբ՝ որ անոնք չեն հասկնար, եւ նոր գա-ղութատիրութենէն մինչեւ մարդոց ու ժողովուրդներու վրայ տնտեսական, մշակութային կամ մտային ճնշումն երբ անեցնելով որոշ կեցուածքներու պարտադրում, անտեսումի քաղաքականութենէն՝ մարդոց, կարգմը մարդոց առիթները խափանել, նաեւ որոշ վայրերու մէջ, կարգ մը վայրերու մէջ մարդիկը մինչեւ տգիտութիւն առաջնորդելն ու նոյնիսկ զիրենք առողջութենէ, շարժելու եւ ստեղծագործելու կարելիութիւններէն զրկելը… այլազան ձեւեր մարդոց ազատութիւնները խլելու եւ ներքին ոյժերը ջլատելու։

Եւ դրամը, այս մեծագոյն կուռքը, այն՝ որ Յիսուս արգելք կը նկատէր երկինքի արքայութիւն մտնելու, քան՝ ուղտը ասեղին ծակէն անցընելու փորձէն, երբ անչափաւորութեամբ գործածուի կը դառնայ բարիք եւ օրհնութիւն, իսկ երբ դառնայ նպատակ կը վերածուի պաշտամունքի առարկայի՝ առանց Աստուծոյ ու կը դառնայ մարդուն սրբութիւն սրբոցը, կը շարժի անո՛ր համար ու կը դառնայ անո՛ր ծիրին մէջ։ Դրամն այս սկսած է ուռճանալ մարդու եւ ընկերութեան այլ կարիքներու հաշւոյն եւ իր ունեցած խոր ազդեցութեան շնորհիւ, մարդոց կեանքին մէջ վերածուած է կործանիչ կամ տարանջատող ոյժի, ուր մեծը կը կլլէ փոքրը։ Նոյնն է պարագան նաեւ մարդկային պահանջներուն, երբ անոնք կ՛աճին այլ պահանջներու հաշւոյն, ինչպէս օրինակ՝ ցանկութիւնները.իւրաքանչիւր պահանջ շարժառիթ է եւ մղիչ ոյժ, այլեւ՝ սնունդ, որպէսզի մարդ ապրի. բայց երբ այդ պահանջը կ՛աճի այլ պահանջներու հաշւոյն, կ՛առաջացնէ ողբերգութիւն։ Ահա ա՛յս է պատասխանատուութիւնը ընդդէմ ունեցուածքի, դրամի, փառքի, իշխանութեան եւ մարդկային այլ կարողութիւններու։

Իրականութեան մէջ հաւատքի գործօնը, որ մարդոց ու Աստուծոյ կապը միշտ կենդանի կը պահէ, հաւատքի այս գործօնը, որ արդի քաղաքակրթութեան հիմքն է, ենթակայ դարձաւ խարխաբումներու։ Երբ կը մտաբերենք նոր քաղաքակրթութեան պատմութիւնը, կը զգանք որ մարդը, որ մերթ ընդ մերթ ապրեցաւ այս քաղաքակրթութիւնը, սկսաւ աճիլ այս ոլորտին մէջ՝ այլ ուղու-թիւններու հաշւոյն, ինչպէս՝ քաղաքականութեան, կառավարումի, շուկայի ու շինարարութեան, որոնք հիմնուած չէին հաւատքի վրայ եւ համակարգուած չէին այնպէս, որ ծառայէր  բոլորին, չընկճէր ու չտարանջատէր։ Եւ քանի որ հիմնուած չէր հաւատքի վրայ, իւրաքանչիւր պահանջ սկսաւ որոշ ժամանակի ընթացքին զարգանալ, ինչպէս՝ քաղաքականութիւնը, կառավարումը, շուկան ու շինարարութիւնը եւ վերածուիլ գաղութատիրութեան ու պատերազմներու, նոր շուկաներու որոնման եւ զինեալ խաղաղութեան ժամանակաշրջանի։ Այսպիսով մարդկութեան կեանքը տատանեցաւ պաղ ու տաք պատերազմներու, վէրքերու սպիացման ու զինեալ խաղաղութեան միջեւ։

Իսկ եսասիրութիւնը, որ մարդու կատարելութեան ձգտումի մղիչ ոյժն է եւ ձգտումներ իրականացնողը, այս լաւ յատկութիւնը մեծապէս կրնայ ծառայել մարդուն, բայց երբ աճիան որ մէջու վերածուի անձի պաշտամունքի, այն ատեն է որ կը սկսի հարցը, բախումը, ցեղային խտրականութիւնը, այլոց անարգելը եւ դառն հակամարտութիւնը՝ ընկերութեան ամենափոքր միաւո-րէն մինչեւ միջազգային ընտանիք։ Աքուցուած պայքար,  որուն առանցքը նոյննէ, բայց շրջանակները՝ տարբեր։

Այս պայքարը, զոր համարեցին գոյութեան հիմնական մասնիկներէն մէկը, հետեւանքն է եսասիրութեան զարգացման եւ անձի պաշտամունքին։ Երբ անձնասիրութիւնը կը փոխանցուի հասարակութեան, հասարակութիւնը որ առաջացած է մարդկութեան ծառայելու, կը կրէ ընկերային բնոյթ եւ ունի երկու եզրեր՝ անձնական եւ ընկերային, անձն անասիրութիւնն այս, երբ փո-խանցուի ընկերութեան, ընկերութիւնը կը դառնայ լայնածիր անձնասիրութիւն։ Ահա՛ այստեղ է որ կը ծագի հարցը իր տարբեր դրսեւորումներով. աձնական եսասիրութենէն՝ ընտանեկան եսասիրութիւն, որուն չարիքներէն միշտ ալ տառապած է մարդը, մինչեւ՝ ցեղային բռնատիրութիւն, որ վերածուեցաւ վարչակարգի եւ ունեցաւ իր հետքերնու հետեւանքները, հասնելով աղանդաւորութեան, որ իր եսասիրութեամբ երկինքը վերածեց երկրի եւ դատարկեց կրօնքի ու վարդապետութեան բովանդակութիւնը իր վսեմ գաղափարներէն, մարդկայնութենէն եւ հանդուրժողականութե-նէն, այս աղանդաւորութիւնը, որ վաճառքի հանեց հոգեւոր արժէքները չնչին գումարներու փոխարէն, հասնելով մինչեւ եսասէր հայրենասիրութիւն։ Հայրենասիրութիւնը եւս, հակառակ որ ամենաազնիւ պահանջներէն մէկնէ, երբ վերածուի այլամերժ հայրենասիրութեան, այն աստիճան որ մարդ զգայ այլեւսոր կը պաշտէ հայրենիքը՝ առանց Աստուծոյ, այն ատեն կ՛արտօնէ իր անձի նոր կառուցէ իր հայրենիքին փառքը՝ այլոց հայրենիքի աւերակներուն վրայ, հիմնէ իր քաղաքակրթութիւնը՝ կործանելով այլոց քաղաքակրթութիւնը եւ բարելաւէ իր ժողովուրդին վիճակը՝ այլ ժողովուրդներ թշուառացնելով, հասնելով ֆաշիստական ազգայնամոլութեան, որ հրկիզեց աշխարհը մէկ է աւելի անգամներ։

Այս երեւոյթները ընդլայնուած եսասիրութիւններեն, սակայն երբ սկսանք պաշտել զանոնք՝ վերածուեցան խոշտանգումներու եւ աւերակներու, մինչդեռ անձնասիրութիւնը, հարազատներու հանդէպ բարեսրտութիւնը, աշիրէթասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու ազգային պատկանելիութիւնը դրական երեւոյթներ են մարդու կեանքին մէջ, անշուշտ եթէ անոնք ըլլան բնական մակարդակի վրայ։ Ահա այն ատեն է որ կրնանք լոյս սփռել այս դասախօսութեան ընտրուած վերնագրին  վրայ՝ «Մարդը իր կարիքներով եւ կարողութիւններով»։

Ընկերութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ այս մարդը, պէտք է ըլլայ համադրող, եւ մարդը որպէս անհատ, պէտք է ըլլայ յարմարող անոր։ Որքան որ մարդ իր պահանջներուն մէջ առաջ անցնի՝ այլ պահանջներու հաշւոյն, այնքան ան փորձանք կը դառնայ. որքան որ մարդն ու անոր կարիքները աճին ուրիշներու հաշւոյն, այնքան անպատուհաս կը դառնայ եւ որքան որ հասարակութիւն մը աճի կամ հասարակութեան մը կարիքները աճին այլ հասարակութեան մը հաշւոյն, այնքան անփորձանք ու պատուհաս կը դառնայ։ Չափաւորութիւնը այն է, որ մարդու զգացողութիւնը այնքան վերանայ, որ ան զգայ՝    թէ ուրիշներու ցաւը նաեւ ի՛ր ցաւն է։Ահա ասոր է որ կը ձգտի ծոմապահութիւնը։ Այս չափաւորութիւնը երաշ-խիքն է մարդու ներդաշնակ աճումին եւ ընկերութիւն-ներու ներդաշնակ զարգացումին։

Եւ Լիբանանը, մեր երկիրը, այն երկիրը, որուն առաջին ու վերջին դրամագլուխը իր քաղաքացին է, այն քաղաքացին՝ որ կերտեց Լիբանանի փառքը իր աշխատանքով, գաղթով, մտածողութեամբ եւ ձեռներեցութեամբ, մեր այս քաղաքացի՛ն է ահա, որ պէտք է պահուի այս երկրին մէջ։ Եթէ այլ երկրի մը մէջ մարդ է աւելի կարեւոր հարստութիւն մը կայ, ապա մեր հարստութիւնը մարդէն վերջ՝ մա՛րդն է։ Հետեւաբար Լիբանանի մէջ մեր ճիգերը ա՛յս հեռանկարով է որ կ՛ուղուին. կը սկսին աղօթատեղիներէն եւ նոյն ատեն՝ համալսարաններէն ու այլ հաստատութիւններէ։ Ճիգ կը տանինք զանոնք պահելու ու զանոնք պահելով՝ մա՛րդը պահելու, մարդը իր բազմազան կարողութիւններով. բոլո՛ր մարդիկը, երկրի բոլո՛ր շրջաններուն մէջ։

Հետեւաբար եթէ ուզենք պահպանել Լիբանանը, եթէ ուզենք ի գործ դնել մեր հայրենասիրական զգացումները, եթէ ուզենք իգործ դնել մեր կրօնական զգացումները՝ նախօրօք յիշուած սկզբունքներուն հիման վրայ, ապա ուրեմն պէտք է պահենք Լիբանանի մարդը, իւրաքանչիւր մարդ, իր բոլոր կարողութիւններով, եւ ո՛չ թէ մասնակի։

Լիբանանն այս, ուր կ՛ապրինք ու կը հանդիպինք զրկանքի, կը յայտնաբերենք որ այս զրկանքը արդիւնք է սխալ գործելակերպի, որուն պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ բոլորին վրայ, եւ բռնութիւնը, որուն անդրադարձանք մարդու մասին ըսուած օրհնաբեր խօսքին մէջ, մարդու մօտ առկայ է ըստ պատշաճի, պայմանաւոր չազդուի անկէ ու գործադրէ ի վնաս ուրիշին, ու այս մէկը արտօնուած է բառացիօրէն։

Այն շրջանները, ուր կ՛ապրինք մենք ու կ՛ապրի մեր լիբանանցին, լիբանանցի մարդուն նման՝ մե՛ր եւ պատասխանատուներու ճիտին պարտքն է։ Հարաւը եւ բոլոր շրջանները Աստուծոյ եւ հայրենիքի հրահանգով պէտք է պահել ու պահպանել։ Հետեւաբար պէտք է ուշադիր ըլլալ մտածումի եւ գործադրումի ժամանակ։ Սխալ ձեւով մտածելը կրկնակի դաւաճանութիւն է մեզ ի յանձ-նուած աւանդին հանդէպ. սխալ գործադրումն ալ կրկնակի դաւաճանութիւն է՝ վստահութեան հանդէպ. դաւաճանութիւն՝ տիրող ուղղակի փտածութեան եւ դաւաճանութիւն ուրիշներու հնարաւորութիւնները շահագործելու, դրամները կորուստի մատ-նելու եւ ընդհանուր իրաւունքներու հանդէպ։ Առանձնաշնոր-հումները կը բաժնուի նորեւէ ձեւով կամ ինչ վերնագրով որ տրուին։

Լիբանանն այս, մարդու եւ մարդկութեան լիբանանը, կը բացայայտէ իր մարդկային դիմագիծը, երբ այսօր բացորորոշ համեմատութեան կը դնենք զինք իր թշնամիին հետեւ կը նկատենք որ թշնամին, իր առաջացուցած ազգայնամոլ ընկերութեամբ, ամէն տեսակի ճնշում ու խտրութիւն կը բանեցնէ թէ՛ նիւթական, թէ՛ մշակութային, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ զինուորական ասպարէզներու վրայ եւ մինչեւ իսկ կը համարձակի խեղաթիւրել պատմութիւնը, հրէականացնել Սուրբ քաղաքը եւ եղծել պատմականհնութիւնները եւ որոնց ականատես կ՛ըլլանք բոլորս։

Ուրեմն, մեր հայրենիքը կը պահպանուի ո՛չ միայն Աստուծոյ եւ իր մարդուն համար, այլ պէտք է պահպան-ուի ամբողջ մարդկութեան համար, ցոյց տալու ան որ իրաւասու ու ընդդիմացող դիմագիծը հակառակորդի դիմագիծին առաջ։ Այսպիսով մենք մեզ դէմ յանդիման կը գտնենք կեանքի լաւագոյն առիթի մը եւ նոր հանգրուանի մը առջեւ, զոր սկսած է Լիբանանը։

Ուրեմն հանդիպինք, ո՛վ հաւատացեալ քոյրեր ու եղբայրներ, հանդիպինք մարդուն ի խնդիր, մարդու մակարդակով, իւրաքան-չի՛ւր մարդու, Պէյրութի մեր մարդուն, Հարաւի մեր մարդուն, Հարմէլի մեր մարդուն, Աքքարի մեր մարդուն, Պէյրութի արուարձաններու մեր մարդուն, Քարանթինայի եւ Հայէլ Սըլըմի մեր մարդուն։ Ոչ մէկը չէ զլացուած առիթը օգտագործելու կարելիութենէն, չէ մեկուսացուած եւ չէ դասակարգուած։ Հետեւաբար պահե՛նք Լիբանանի մարդը, որպէսզի պահպանե՛նք այս երկիրը։ Պահենք մարդուն երկիրը որ պատմութեան եւ Աստուծոյ աւանդն միաժամանակ։

Կ՛ողջունեմ բոլորդ։ Թող Աստուծոյ օրհնութիւնն ու բարիքը իջնեն ձեր վրայ։

թարգմանիչ: Չօգիկ Փելթեքիան

دیدگاهتان را بنویسید

نشانی ایمیل شما منتشر نخواهد شد. بخش‌های موردنیاز علامت‌گذاری شده‌اند *

این سایت توسط reCAPTCHA و گوگل محافظت می‌شود حریم خصوصی و شرایط استفاده از خدمات اعمال.